
Ընկեր Մեսրոպ Մենազարյանի գրութիւնները հնչակԵան մեծ Ռահվիրայ Տխրունիի մասին
Mesrob Menazaryan on facebook
Տխրունին մեռած չէ, այնքան ատեն որ կ'ապրի անոր գաղափարը։
Տխրունին մեռած չէ, որովհետեւ անոր լուսաւոր կանթեղը կը մնայ հայրենասիրութեան եւ ընկերվարութեան խորհրդանիշ։
Այս առթիւ. յարգանքով կը խոնարհինք Տխրունիի նահատակութեան 95_րդ տարելիցի անմահ յիշատակին, վերանորոգելով մեր ուխտը` շարունակելու անոր գծած անշեղ եւ ընկերվարական ուղիէն։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
-------------
1929 Յունուար 16_ին, երեկոյեան դէմ, Պէյրութի մէջ, նպարավաճառի մը խանութէն առած ուտելիքով ձեռքերը լեցուն տուն դառնալու ատեն` փողոցին վրայ , ետեւէն` գանկին ստացած եղբայրասպան գնդակով մը գետին կը փռուէր Սարգիս Քէտէրեանը, ծածկանունով Տխրունի, որ Հնչակեան էր եւ Սսոյ մէջ սնած` Ուսանողական Միութեան շունչովը։ Ատանայի մէջ դեռ պատանի`ազատագրական ոգորումներու հուրովը թրծուած էր։ Վերջէն, Կիլիկիայէն կամակոր Սուրիա ապաստանող Հայրենազուրկ եւ իրաւազուրկ բազմութիւններու թշուառ կեանքը անոր կոչումը վճռած եւ առաքելութիւնը կերտած էր։ Տխրունին բնութենէն օժտուած էր իմացական բարձրագոյն ձիրքերով։ Ուսուցիչ էր` աշակերտները մեղրածօրան շրթունքներուն կապելու վարպետութեամբ. Հրապարակագիր էր` ազգու եւ հատու գրչով մը գրածը ընթերցողին գանկը մխելու ճարտարութեամբ, բեմբասաց էր`զօրաւոր ու գրաւոր խօսքովը, բազմութիւնները մագնիսացնելու եւ յափշտակելու ճարտասանութեամբ։
-----------------------
ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ _95_ԱՄԵԱԿ ՄԵԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԸՆԿ.ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ
1929_2024
Տխրունին մեռաւ, բայց անոր կուսակցական շարքերը եկան խտացնելու հազարաւորներ, որոնք այսօր կը ծառայեն հայուն յաւերժական հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին։
--------------------------
ՍԱՐԳԻՍ ՔԷՏԷՐԵԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻ
1898_1929
Նոր սերունդը չտեսաւ ու չճանչցաւ Սարգիս Տխրունին։ Մեր սերունդն անգամ, հակառակ Տխրունիին ժամանակակից ըլլալուն, գիտակցական տարիքով եւ մտային կարողութեամբ դեռ չկազմուած ի վիճակի չէր կշռելու անոր արժէքը, մանաւանդ որ դժբախտ գործիչը, ինքն իսկ երիտասարդ, դեռ չէր հասած իմացական իր լիութեան երբ եղերականօրէն խզուեցաւ կեանքին թելը։
Պէտք է յիշել ու մեծարել Ս.Տխրունին_ բոլոր Տխրունիները ողբալով անցեալի տգեղ բարքերը, բայց նոյն ատեն գոհունակութեամբ արձանագրելով մտայնութեանց բարեշրջումը, որով հասած ենք այլեւս քաղաքակիրթ ժողովուրդներու մակարդակին, անոնց պէս կուսակցական պայքարները կը համարենք կենսունակութեան չափանիշ, բայց պայքարի զէնքեր կ'ընդունինք խօսքն ու գրիչը, ընդմիշտ մերժելով վայրենիներու յատուկ կոպիտ ուժը եւ արիւնալի բախումները։
Կը թուի թէ Սփիւռքի հայութիւնը, կազմակերպեալ իր ուժերով հասած ըլլայ այլեւս այդ հասունութեան, ու մեղք մը գործած չենք ըլլար երբ ըն դունինք, թէ այդտեղ, Տխրունիները իրենց կսկծալի վախճանովն իսկ կրցան ցնցել, զգաստացնել իրենց ժողովուրդը...։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
----------------------
Ի ՏԵՍ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ
Սէգ ու խրոխտ բարձրակատար,
Այս իմ կոթող երկնակարկար,
Րամին դէմ նենգ ու անպատկառ,
Գոռա' անէծք, թող անդադար.
Իսկ հարազատ եւ վշտահար,
Սերունդին Հայ եղայ տիպար
Տխրունին եմ, որ սըխրաբար,
Ընդգրկելով մեծ գաղափար,
Խօսգով, գրչով հըրաբարբառ,
Րամին ՀՆՉԱԿ`յար ուղափառ`
Ուեցոյցն եմ եւ փողահար.
Խոր շանթ մ'էի եւ քառորդ դար.
Նոյնն եմ հոգւով յաւերժափառ,
Իմ մեռնելուս մի' հաւատաք։
ԳԻՄՍԵԴԱ